2015-03-11 12:00:00

Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի ''Փղոսկրեայ Ափը'' կ՛այցելէ` 13-17 Մարտ 2015։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կարդինալ Ժան Լուի  Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին­, պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ  ''Փղոսկրեայ Ափ'', 13-17 Մարտ 2015, հաղորդագրած է «Notre Voix» օրաթերթը։

Իր այցելութեան ընթացքին Ապիճանի մէջ կարդինալ Թոռան տեսակցութիւններ պիտի ունենայ երկրի կրօնական իշխանութիւններուն հետ միջ կրօնական երկխօսութեան ամրապնդումի, կրօններու ճանաչումին ու կրօնական թեկնածուներու կազմաւորումի հարկաւորութեան մասին։

Միշտ Ապիճանի մէջ, շաբաթ 14 Մարտին, Կարդինալ Թոռան այցելութիւն պիտի կատարէ արեւմտեան Ափրիկէի կաթողիկէ համալսարանին, ուր պատարագ պիտի մատուցէ եւ յատուկ աղօթք մը պիտի կատարէ երկրի բոլոր նուիրեալ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն համար։

Կիրակի 15 Մարտին`   Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը պիտի այցելէ ''Korhogo'' թեմը որ կը պատրաստուի տօնախմբելու իր աւետարանութեան 110-րդ տարեդարձը։ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ծիրանաւորը պատարագ պիտի մատուցէ եւ յատուկ աղօթք մը պիտի կատարէ երկրի ներկայ եւ անցեալի բոլոր քարոզիչներուն համար, մեծարելով թեմի բոլոր կրօնուսոյցները։ Կարդինալ Թոռան պիտի այցելէ նաեւ երկրի քաղաքական մայրաքաղաքը` ''Yamoussoukro'', ուր Խաղաղութեան Տիրամօր պազիլիքային մէջ պատարագ պիտի մատուցէ ու պիտի աղօթէ երկրի խաղաղութեան համար։ Երեկոյեան ընթրիք պիտի կատարէ  եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ։ Երեքշաբթի` 17 Մարտի առաւօտեան, կարդինալը նախքան ուղղուիլը դէպի Ապիճան  առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ  հանրապետութեան նախագահ տիար ''Alassane Ouattara-ի'' հետ։ Հուսկ հանդիպում պիտի ունենայ երկրի զանազան կրօնապետերու հետ ու ապա վերադարձ պիտի կատարէ դէպի Հռոմ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.